Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարանի շրջանաւարտից միութեան՝ յարաբերական յանձնախումը, Ուրբաթ 10/10/2008 ժամը 7.00-ին, Զարէհեան սրահէն ներս, հանդիպում մը ունեցաւ երկրորդական ուսումը պետական դպրոցներէն ներս շարունակող աշակերտներուն հետ: Հանդիպումի նպատակը եղաւ համախմբել անոնց, ծանօթանալու եւ ճեմարանի հետ յարատեւ կապ մը ստեղծելու:
Հանդիպման աւարտին յանձնախումը փափաք յայտնեց աշակերտներուն իրենց մասնակցութիւնը բերեն Շրջանաւարտից Միութեան կազմակերպած բոլոր գործունէութիւններուն: